Գերմանիոյ Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքին, պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Կարապետեան: Ան գրաւեց երրորդ դիրքը` 77 քկ դասակարգին մէջ, որուն մէջ հանդէս եկաւ նաեւ Արսէն Ղազարեան:
Անիկա կը հանդիսանայ վարկանշային մրցաշարք մը Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն համար, եւ այս մետալը Կարապետեանին կարելիութիւն կու տայ բարելաւելու իր դիրքը` միջազգային վարկանշային դասաւորման մէջ, յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը:



