Ուքրանիան ներկայացնող Արտեոմ Դալաքեան տիրացաւ արհեստավարժ կռփամարտի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ Պի. Էյ.»-ի վարկածով թեթեւագոյն քաշային կարգի (մինչեւ 50,8 քկ) թափուր մնացած ախոյեանութեան գօտիին:
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած այս մենամարտին, 30 տարեկան Դալաքեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց 2 քաշային կարգերու մէջ աշխարհի նախկին ամերիկացի ախոյեան Պրայըն Վիլորիային:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք (16-0, 11-ը` նաք-աութով) Դալաքեան յայտարարեց, թէ այժմ պատրաստ է մենամարտելու թեթեւագոյն քաշային կարգին մէջ միւս վարկածներով աշխարհի ախոյեաններուն դէմ:



