Երէկ` երկուշաբթի, 26 փետրուարին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Լիթուանիա մեկնեցաւ լիբանանեան դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքր երկիրներու դահուկարշաւի ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Վիքթոր Ապու Սաատ, պատասխանատուն է Նեժի Խալիլ, իսկ մարզիկներն են` Սամեր Թոք, Շարպել Նաժժար, Լիա Ռահմէ եւ Մարի Քէյրուզ:
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը այս ախոյեանութիւնը կազմակերպած եւ Լիբանանը նկատի առած է, որպէսզի լիբանանցի մարզիկները կարենան յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգել:



