Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ Մարսէյի դէմ տեղի ունեցած «Լիկ-1»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ եւ 77-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, պէտք է անպայման վիրաբուժութեան ենթարկուի, յայտնեցին մայրաքաղաքի կազմին պատասխանատուները եւ բժիշկները:
Ասիկա կը նշանակէ, որ 26 տարեկան պրազիլցին շուրջ 2 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց ֆրանսական մամուլը:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն անոր բացակայութիւնը այդքան ալ մտահոգիչ չի նկատուիր, բայց Ռէալ Մատրիտի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանին դարձի մրցումին շատ կարեւոր է անոր ներկայութիւնը, մանաւանդ որ անոր կազմը երթին Ֆրանսայի մէջ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը եւ պէտք ունի նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով յաղթանակի մը:



