Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականին մէջ մրցակցութիւն կ՛ընթանայ 77 քկ դասակարգին պատկանող Կարապետ Չալեանի եւ Արսէն Ջուլֆալակեանի միջեւ: Ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի լրատուականին տեղեկացուցած է, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան պիտի մասնակցի Կարապետ Չալեանը. «Ես հարցադրումը աւելի կանուխ ըրած էի. 77 քկ դասակարգին մէջ ով աւելի լաւ հանդէս կու գայ, ան պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Քիեւի մէջ յաղթանակը շնորհուեցաւ Կարապետ Չալեանին եւ ան պիտի նախապատրաստուի Եւրոպայի ախոյեանութեան», ըսած է Լեւոն Ջուլֆալակեան: