ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչ Քոլին Սմիթ յայտարարեց, որ 2018-ի մոնտիալի ցարդ 2 միլիոն տոմս արդէն իսկ վաճառուած է:
Ան ըսաւ, որ տոմսակներուն գծով բաւական մեծ պահանջ կայ ֆութպոլասէր համակիրներուն կողմէ:
Աւելի քան 50 տոկոսը ձեռք ձգած են այն համակիրները, որոնց համար ֆութպոլէն բացի ասիկա անձնական առիթ մըն է այցելելու Ռուսիա, որոշ չափով մըն ալ զբօսաշրջութիւն կատարելու իմաստով:



