Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երկրորդ մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, տեղի կ՛ունենայ այսօր` ուրբաթ, 23 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ կը գերազանցէ Ռիատին, այսօր իր ամէն կարելին պիտի ընէ արձանագրելու իր երկրորդ յաղթանակը, որպէսզի Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան դառնալու հաւանականութիւնները մեծցնէ:


