Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Պետրոսեան. «Կրնար Աւելի Լաւ Ըլլալ, Բայց Գոհ Եմ»

March 26, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած Հայաստան-Էսթոնիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն (0-0) ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ան ըսաւ, թէ խաղին նպատակն էր մեծ թիւով մարզիկներ փորձել, եւ ատիկա ծառայեց իր նպատակին:

«Մենք մեզ խանգարեցինք այն իմաստով, որ վերջին փոխանցումը տեղ չէր հասներ: Մինչեւ  վերջին փոխանցումը ամէն ինչ շատ լաւ էր այսօր: Սակայն ճիշդ  այդ վերջին փոխանցումը մեզի այսօր թոյլ չտուաւ աւելի վտանգաւոր պահեր ստեղծել հակառակորդի բերդին մօտ: Խաղը կը վերլուծենք, կը փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ կարելի է փոխել,  բարելաւել: Բացի քանի մը պահերէ, պաշտպանութեան մէջ ամբողջ խումբը շատ լաւ խաղաց: Ամբողջ մրցումը կրնար շատ աւելի լաւ ըլլալ, բայց ընդհանրապէս գոհ եմ», ըսաւ Արթուր Պետրոսեան:

Խօսելով նորեկ յառաջապահ Նորպերթօ Պալեքեանի մասին` ան նշեց. «Ես այս պահուն տակաւին այնքան ալ մեծ ակնկալութիւններ չունէի անկէ: Ան տակաւին երիտասարդ ֆութպոլիստ է, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին խաղալու  փորձ  չունէր: Ամէն պարագայի, որակեալ ֆութպոլիստ է, եւ յոյս ունիմ, որ ապագային ան մեծ օգուտ կու տայ մեր հաւաքականին»:

Լիթուանիոյ դէմ յառաջիկայ բարեկամական մրցումին անդրադառնալով` Պետրոսեան ըսաւ, որ փոփոխութիւններ անպայման պիտի ըլլան: «Եթէ նկատեցիք` մեր յարձակողական ամբողջ ներուժը այսօր մտաւ դաշտ: Էրիք Վարդանեանի, Արազ Օզպիլիսի, Պետրոս Աւետիսեանի բացակայութիւնը զգացուեցաւ: Անոնք կրնան խաղը աւելի աշխուժացնել», ըսաւ մարզիչը:

Հարցումին, թէ կարելի՞ է ըսել, որ վերջնականապէս հրաժարեցանք երեք յետսապահով խաղէն, Պետրոսեան պատասխանեց. «Հրաժարիլը կախուած է մրցակիցէն եւ խաղի ընթացքէն: Եթէ խաղը այնպէս ընթանայ, որ մենք առաջ ըլլանք հաշիւին մէջ, այդ մարտավարութիւնը կրնանք օգտագործել»:

Խօսելով նորեկ մարզիկներ խումբ հրաւիրելու մասին` Պետրոսեան ըսաւ. «Բարեկամական այս խաղերուն մասնակցելու համար հաւաքական հրաւիրուեցան երկու նոր ֆութպոլիստներ: Ասիկա հոլովոյթ մըն է, որով մենք անընդհատ կը զբաղինք, եւ եթէ նոր անուն ըլլայ` դուք ատոր մասին անպայման տեղեակ կ՛ըլլաք: Առայժմ նոր անուններ չկան»:

Իսկ նոր ապաքինած Գէորգ Ղազարեանի մասին ան ըսաւ. «Գէորգը իր խումբի վերջին խաղերուն դաշտ ներկայացած է 15-20 վայրկեանով: Այդ փաստը նկատի առնելով մենք չուզեցինք վտանգի դիմել: Տեսնելով անոր խաղը` կը խորհիմ, որ ան միւս խաղին կրնայ 60-70 վայրկեան խաղալ»:

Հարցումին, թէ խումբին մէջ կարծէք թէ կայ անփոխարինելի ֆութպոլիստ մը: Եթէ ան չի կատարեր մարզիչին  յանձնարարականները, չէ՞ք պատրաստուիր զայն փոխարինել կամ այլ մարզիկի մը կարելիութիւն տալ, Պետրոսեան պատասխանեց. «Անշուշտ կը պատրաստուիմ: Եթէ կը յիշէք,  Պիելոռուսիոյ եւ Կիպրոսի խաղերուն զայն փոխարինեցինք 70-րդ վայրկեանին: Եկէք չօգտագործենք «անփոխարինելի» եզրը: Ֆութպոլը խմբային խաղ է, եւ Հենրիխը այն ֆութպոլիստն է, որ  կը փորձէ իր գործողութիւնները ի նպաստ խումբին կատարել»:

Արազ Օզպիլիսին անդրադառնալով  մարզիչը ըսաւ. «Հաւանականութիւն կայ, որ ան խաղայ, բայց եկէք չաճապարենք եւ սպասենք: Այս երկու օրերու մարզումները ամէն բան  ցոյց կու տան»:

 

Նախորդը

Կարօ Մուրատ «Այ. Պի. Օ.» Վարկածով Դարձաւ Աշխարհի Ախոյեան

Յաջորդը

Երրորդ Անգամն Ըլլալով ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Պասքեթպոլի Աղջկանց Խումբը` Լիբանանի Ախոյեան

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.