Ֆութպոլի միջազգային մրցումի մը ընթացքին, բազմաթիւ երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն նման, այսօր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Էսթոնիան:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Լիբանանի ժամանակացոյցով, տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ օրուան երեք իրաւարարները պիտի ըլլան Վրաստանէն: Չորրորդ իրաւարարն է Արման Ալաբերքեան:
Հայրենի կազմը անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին անհրաժետ բոլոր փորձերը կատարեց` լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար այս մրցումին: