Անգլիական Արսենալ ֆութպոլի ակումբը շնորհաւորեց իր միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը` Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի իր մրցանակը ստանալուն առիթով:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ բարեկամական երկու մրցում կատարելու նպատակով Հայաստան գտնուող Մխիթարեան, տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի այս մրցանակը ստացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 8-րդ անգամ ըլլալով եւ յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով:
Այստեղ պէտք է նշենք, որ Մխիթարեան, որ Հայաստանի կազմին խմբապետն է, հաւաքականի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն է, որ 70 մրցումի ընթացքին նշանակած է 25 կոլ:



