Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական երկրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, Մանարայի դաշտին վրայ, դարձեալ աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաղթանակով, որ 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` Ռիատի Պէյրութը, արձանագրելով 55-53 արդիւնքով յաղթանակ մը (13-13, 12-10, 14-16 եւ 14-16):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին լաւագոյն կէտ նշանակողը հանդիսացաւ Ելենա Լուշենքա, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (22 կէտ, 15 ռիպաունտ): Իր կարգին, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց անոր խմբակից Ճեսիքա Պրիլենտ (18 կէտ, 11 ռիպաունտ), իսկ Ռիատիի նախկին մարզիկ Ռեպեքա Աքըլ իր նախկին կազմին կողովին մէջ նշանակեց 13 կէտ:
Այստեղ նշենք, որ ՀՄԸՄ վերջին վեց վայրկեանը մրցեցաւ մէկ օտարականով` նկատի ունենալով, որ Ճեսիքա ֆաուլ աութով դուրս ելաւ մրցումէն:
Այժմ կը մնայ վաղը` կիրակի, 25 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին արձանագրել երրորդ յաղթանակը, որմէ ետք խումբը պիտի տիրանայ տիտղոսին` բարձրացնելով ախոյեանութեան բաժակը: