ԹՈՐԳՈՄ
Մարզական խումբերու կարգ մը համակիրներու ռամկական հռետորութիւնը, մանաւանդ ընկերային ցանցերու զեխութեան այս ժամանակաշրջանին մէջ, հասկնալի, բայց ոչ արդարանալի երեւոյթ մըն է:
Նախքան մրցումները կատարուող յոխորտանքները ծանօթ է, որ այլեւս շատոնց անցած են մարզական սահմանները` անսահման անմակարդակութիւն մը ստեղծելով:
Սպասել եւ խաղին արդիւնքէն ետք արտայայտուիլը այլեւս ժամանակավրէպ ձեւ մը դարձած է:
Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, անշուշտ դիւրաւ կարելի է գուշակել, թէ մարզաշխարհը շատ մօտիկ ապագային ի՛նչ բանի պիտի վերածուի:
Բարեբախտաբար ՀՄԸՄ սկաուտական եւ մարզական խումբերու իր պատասխանատուներով գերմարդկային ճիգեր ի գործ կը դնէ` զերծ մնալու համար աշխարհը կլլող այս չարիքէն, որ շատ դիւրաւ կը խաթարէ մարդիկ:
Բարեբախտաբար ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբերը երէկ կարեւոր յաղթանակներ տարին հիմնական մրցակիցին դէմ, որուն կարգ մը անուղղայ համակիրները, ըստ երեւոյթին «տաք գլուխ» են եւ աշխուժ` ընկերային ցանցերու մէջ, յաճախ պահուըտելով կեղծ անուններու ետին, դրսեւորելով օսմանեան մարմաջներ:
Այդպիսիներուն լաւագոյն պատասխանը տրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի կազմի յաղթանակէն ետք «Արիւնոտ դրօշ»-ի խմբային երգեցողութեամբ: Պարզապէս հաստատելով, որ ո՛չ հին եւ ո՛չ նոր օսմանեան սուլթանները կրնան մեզ ընկճել:


