Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի մրցումներուն, Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 22 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Քալաաթ Թըպնինի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները վստահաբար ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն յաղթելու համար իրենց մրցակիցին:


