Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 25 մարտին, տեղի կ՛ունենայ գագաթի ճակատումը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ կը հիւրընկալէ Ռիատին:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ամրապնդելու համար պարագլուխի իր դիրքը, ՀՄԸՄ պէտք ունի յաղթանակի:
ՀՄԸՄ-ի կերտելիք յաղթանակին մէջ կարեւոր բաժին մը ունենալու համար ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: