
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը:
Մրցումին ազդանշանին տրուելէն մինչեւ անոր աւարտը, տիրապետողը եղաւ ՀՄԸՄ` նկատի ունենալով, որ Ռիատի ոչ մէկ առիթով կէտերով կրցաւ գերազանցել ՀՄԸՄ-ը:
Առիթով մըն ալ, ՀՄԸՄ նոյնիսկ կրցաւ 25 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունենալ (45-20):

ՀՄԸՄ-ի աղջիկները բացառիկ ներկայացում մը ունենալով տարին տպաւորիչ յաղթանակ մը` 70-52 արդիւնքով (21-6, 14-8, 16-22, 19-16):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ելենա Լիւշենքա (25 կէտ, 15 ռիպաունտ) եւ Ճեսիքա Պրիլենտ (19 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Լէյլա Ֆարես նշանակեց 8 կէտ, Ռեպեքա Աքըլ եւ Մեղրի Թորոսեան` 7-ական, իսկ Նաթալի Սվաճեան` 4 կէտ:
Ռիատիէն Ռոնիքա Հոճ նշանակեց 23 կէտ:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրները, իրենց կողքին ունենալով ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, տիրական ներկայութիւն եղան թրիպիւններուն վրայ:


