Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Տը Ուան» ճաշարանին մէջ («Պիել»-ի շրջան), Ռասինկ Պէյրութ կատարեց իր տարեկան ընթրիքը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:
Անոր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ծրագրաւորումի հարցերու պետական նախարար եւ ակումբի պատուոյ նախագահ Միշել Ֆարաոն:
Նախարար Ֆարաոն, իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս առիթը քաղաքական հանդիպում մը չէ, որովհետեւ մարզաշխարհը պէտք է հեռու պահուի քաղաքականութենէն:
Ան ըսաւ, որ ինք պիտի կանգնի Ռասինկի ու Էշրեֆիէի կողքին եւ իր ամէն կաելին պիտի ընէ ապագայի հաշուոյն անուանի եւ տաղանդաւոր ֆութպոլիստներ պատրաստելու ակումբին ֆութպոլի ակադեմիաներուն միջոցով, որոնք կրտսերները պիտի պատրաստեն իբրեւ ապագայի աստղեր:
Այս ընթրիքին խօսքեր արտասանեցին նաեւ Ա. դասակարգի ֆութպոլի խումբի մարզիչ Ռիտա Անթար եւ Սաժես ակումբի նախագահ Սամի Պըրպարի:
Իր խօսքին մէջ, Անթար ըսաւ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին խումբը իր ամէն կարելին պիտի ընէ տարեշրջանը աւարտելու համար առաջին չորս դիրքերէն մէկուն վրայ:
Կիրարկուեցաւ նաեւ բաւական լաւ պատրաստուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ Ռասինկի ֆութպոլի խումբ մը կրտսեր անդամներ եկան մասնակցելու այդ յայտագիրին: