«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան փլէյ-օֆի չորս ճակատումներ, որոնցմէ երեքը` արեւելեան շրջանին մէջ:
Արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած միակ ճակատումին, Սան Անթոնիօ Սփըրզ 103-90 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին, այսպիսով արդիւնքը կրճատելով 3-1-ի: Անոնց միջեւ հինգերորդ մրցումը պիտի կատարուի Ուորիըրզի դաշտին վրայ:

Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 34 կէտ:
Միլուոքիի մէջ, Պոսթըն Սելթիքս երկու կէտի տարբերութեամբ միայն` 104-102 արդիւնքով պարտուեցաւ Պաքսէն: Այսպիսով, անոնց միջեւ արդիւնքը այժմ կ՛ընթանայ 2-2 հաւասարութեամբ:
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 106-98 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզին, հակառակ անոր որ այս վերջինէն Տեմար Տերոզան նշանակեց 35 կէտ:
Անոնց միջեւ եւս արդիւնքը կ՛ընթանայ 2-2 հաւասարութեամբ:
Վերջապէս, Ինտիանայի մէջ Փէյսըրզ 104-100 արդիւնքով պարտուեցաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզէն:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 32 կէտ:
Նոյնն է պարագան այս երկու կազմերուն ճակատումին արդիւնքին (2-2):
Ստորեւ` այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ` անոնց միջեւ ցարդ կատարուած մրցումներուն արդիւնքները).
ԱՅՍՕՐ | |
Մինեսոթա Վուլվզ – Հիուսթըն Ռոքեթց | (1-2) |
Եութա Ճեզ – Օքլահոմա Սիթի | (2-1) |
ՎԱՂԸ | |
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս | (2-2) |
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մայեմի Հիթ | (3-1) |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | (3-1) |