– Արցախ Դարձաւ Ա. Լիկայի Յաղթական
– Արթիկ` Հայաստանի Ախոյեան
Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական երկրորդ մրցումը` Արցախի եւ Արթիկի միջեւ:
Արցախ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր (100-74), երկրորդին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց 98-90 արդիւնքով` բաւական լարուած եւ հետաքրքրական մրցումէ մը ետք:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արթիկէն Սերկէյ Վիննիք (35 կէտ):
Այսպիսով, Արցախ դարձաւ Ա. լիկայի յաղթականը, մինչ Արթիկ հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան:
Ըստ ՖԻՊԱ-ին եւ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին օրէնքներուն, Հայաստանի ախոյեան կրնայ հանդիսանալ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ արձանագրուած խումբը: Այս պարագային, Արցախը կը դառնայ միայն Ա. լիկայի յաղթականը:
Աւարտական այս երկրորդ մրցումէն ետք, մրցանակակիրներուն պարգեւատրեցին Ա. լիկայի նախագահ Արա Պօղոսեան, Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վահագն Յարութիւնեան, ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեան, Արցախի հանրապետութեան պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Վազգէն Միքայէլեան եւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Ռուբէն Յակոբեան: