
Քազանի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած Ռուսիոյ մարմնամարզութեան տղոց անհատական ախոյեանութեան, բազմամարտի ախոյեանի կոչումը նուաճեց մոսկուահայ Դաւիթ Դալալոյեան` ապահովելով 86.290 կէտ:
Դալալոյեան Մոսկուայի խումբին հետ տիրացաւ նաեւ բազմամարտի խմբային ախոյեանութեան տիտղոսին: