«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան փլէյ-օֆի երեք ճակատումներ:
Քլիվլենտի մէջ Քաւալիրզ, որ հիւրընկալեց Ինտիանա Փէյսըրզը, արձանագրեց 100-97 արդիւնքով քիչ մը դժուար յաղթանակ մը:

Քաւալիրզին մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 46 կէտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այսպիսով Քաւալիրզ յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1)` նկատի ունենալով, որ առաջին մրցումին իր դաշտին վրայ 98-80 արդիւնքով պարտուած էր:
3-րդ եւ 4-րդ մրցումները տեղի պիտի ունենան Փէյսըրզի մէջ:
Այլ մրցումի մը, Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, արձանագրեց 102-95 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ այսպիսով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1)` նկատի ունենալով, որ առաջինին պարտուած էր (116-108): Օքլահոմայէն Ռասըլ Ուեսթպրուք բաւականացաւ միայն 19 կէտով:
3-րդ եւ 4-րդ մրցումները կը կատարուին Ճեզի մէջ:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Հիուսթըն Ռոքեթց 2-0 արդիւնքով գերազանցեց Մինեսոթա Վուլվզը` իր դաշտին վրայ արձանագրելով իր երկրորդ յաղթանակը` 102-82 արդիւնքով: Քրիս Փոլ (Ռոքեթց) նշանակեց 27 կէտ:
3-րդ եւ 4-րդ մրցումները կը կատարուին Վուլվզի դաշտին վրայ:
Ստորեւ կու տանք ցարդ կատարուած մրցումներուն արդիւնքները.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 2-0 |
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս | 2-0 |
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մայեմի Հիթ | 1-1 |
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ | 1-1 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Մինեսոթա Վուլվզ | 2-0 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 2-0 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Օրլինզ | 0-2 |
Օքլահոմա Սիթի – Եութա Ճեզ | 1-1 |