ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտնեց, որ իրենք կը պատրաստուին այսուհետեւ չկայացնելու միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքը, այլ անոր փոխարէն կազմակերպելու աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ Goal.com կայքը:
Անոր հետ զուգահեռ, ակումբներու այս ախոյեանութեան փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան: Առաջինը պիտի ըլլայ այն, որ անոր պիտի մասնակցին 24 ակումբներ, բաժնուած` 8 խմբակի:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ չորս տարին անգամ մը եւ պիտի երկարի 18 օրուան վրայ:
Յատուկ ներդրողներու խումբը պատրաստ է, 2021-2033 տարիներուն, 25 միլիառ ամերիկեան տոլար տրամադրելու ՖԻՖԱ-ին` տարբեր տեսակի մրցաշարքերը զարգացնելու նպատակով: