Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան աւարտական հանգրուան հասնող խումբերը:
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 15 մայիսին, տիտղոսին տիրանալու համար իրարու դէմ պիտի մրցին Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ եւ Պայէրն Միւնիխ:
Ֆրանքֆորթ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Շալքէն` արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Պայէրն Միւնիխ 6-2 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Պայէր Լեւերքուզընի դէմ:



