Մատրիտի «Վանտա Մեթրոփոլիթանօ» մարզադաշտին վրայ այսօր` շաբաթ, 21 ապրիլի ժամը 22:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի կ՛ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին Պարսելոնա եւ Սեւիլլա:
Իւրաքանչիւր խումբ պիտի փորձէ ինք ըլլալ տիտղոսակիրը:
Պարսելոնա, որ դուրս մնաց «Չեմփիընզ-լիկ»-ի մրցաշարքէն, բայց «լա լիկա»-ի տիտղոսին տիրանալու մօտ է, պիտի փորձէ յաղթել այսօրուան իր մրցակիցին:
Քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ խրուաթ միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, պիտի մասնակցի այս ճակատումին: