Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 22 ապրիլին, Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի նահանգներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի 34-րդ գարնանային ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող վարորդները, ռելին պիտի սկսին առաւօտեան ժամը ճիշդ 7:30-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-էն:
Ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 328,49 քմ: 92,73 քիլոմեթրի պիտի ըլլան իւրայատուկ փուլերը:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ մեկնարկին վայրը, երեկոյեան ժամը 17:30-ին: