Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ պիտի սկսի սահմանուիլ նոր մրցանակ մը` ամէնէն աւելի շատ կոլի փոխանցում (էսիսթ) կատարած ֆութպոլիստին:
«Փլէյմէյքըր-ըուորտ» անունը կրող այս մրցանակը պիտի յանձնուի այն ֆութպոլիստին, որ տարեշրջանին ընթացքին կը կատարէ ամէնէն շատ էսիսթը:
Ներկայ դրութեամբ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Քեւին Տը Պրույնէն (Մանչեսթըր Սիթի), որ ցարդ կատարած է 15 էսիսթ: