Հայաստանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրով, Հայաստան այցելեց ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող սուսերամարտիկ Եանա Եգորեան, որ Երեւանի պետական համալսարանի մարզահամալիրին մէջ հետեւեցաւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար սուսերամարտի ախոյեանութեան, որուն հիւրընկալ երկիրն է Հայաստան:
Այս ախոյեանութեան մամլոյ քարտուղարութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Եգորեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպայի ախոյեանութեան կայացումը մեծապէս պիտի նպաստէ, որ այս մարզաձեւը աւելի զարգանայ երկրին մէջ:
Այս առիթով ֆետերասիոնին նախագահը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Եգորեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ատոր համար: