Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումները կը սկսին այսօր` շաբաթ, 21 ապրիլին:
Առաջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Սաժեսը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 17:20-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ ետք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ամէն գնով կ՛ակնկալուի առաջին իսկ վայրկեանէն մրցումին ղեկը առնել իրենց ձեռքերուն մէջ` տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, պայքարի ոգի ցուցաբերելով եւ յաղթելով իրենց հիւրին:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` քաջալերելու համար մեր տղաքը, մնալով օրինակելի համակիրներ, առանց որեւէ հարց ստեղծելու եւ յարգելով հիւր կազմը:
Ֆայնըլ-ֆորի երկրորդ մրցումը վաղը նոյն ժամուն իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատին եւ Պէյրութը` Մանարայի դաշտին վրայ: