Ալաշկերտ-Գանձասար Կապան (2-0) Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 30-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի 26-րդ ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ախոյեանութեան տիտղոսը յանձնեց նախորդ 2 տարիներու ախոյեան Ալաշկերտին, Բանանց ստացաւ արծաթէ մետալները, իսկ նախորդ տարուան փոխախոյեան Գանձասար Կապան` պրոնզէ մետալները:
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, լաւագոյն ռմբաձիգը հանդիսացաւ Ալաշկերտի միջնապահ Արտակ Եդիգարեան (13 կոլով):
Նշենք, որ պայմանաւորուած խաղի հետ կապ ունենալու մէջ մեղադրուող եւ 12 կէտէ զրկուած Շիրակ Գիւմրի, որ վերջին հանգրուանին պէտք էր մրցէր Փիւնիկ Երեւանի դէմ, դաշտ չներկայացաւ: