Միհրան Յարութիւնեանի մուտքը խառն մենամարտի մարզաձեւ տպաւորիչ յաղթանակով եղաւ:
«Ֆայթ Նայթց Կլոպըլ»-ի Ռոստովի մէջ կազմակերպած երեկոյին ընթացքին Ռիոյի ողիմպիական փոխախոյեանը առաջին անգամ ռինկ բարձրացաւ եւ երկրորդ ռաունտը սկսելէն քանի մը երկվայրկեան ետք յաղթանակ տօնեց` պարտութեան մատնելով 9 մենամարտի փորձառութիւն ունեցող իրանցի Ալի Եուսեֆը:
Երեկոն սկսաւ նշանակուած ժամանակէն քիչ մը ուշ: Մրցաշարքը սկսելէն ժամեր առաջ մարզադաշտի բակին մէջ արդէն ասեղ նետելու տեղ չկար: Բոլոր կողմերէն կը լսուէին հայերէն զրոյցներ, գրեթէ բոլորը կը կրէին Միհրան Յարութիւնեանի նկարով ողիմպիական խաղերու շապիկներ, եւ ամէն տեղ կը նկատուէին Հայաստանի դրօշներ: Հաւաքուածներուն մէկ մասը անհամբեր կը սպասէր ներս մտնելու, իսկ զգալի հատուած մը դժգոհ նայուածքներով կը շրջագայէր ` մուտքի տոմս գտնելու պատճառով: Խնդիրը այն էր, որ երեկոյի տոմսերը սպառած էին, իսկ Միհրան Յարութիւնեանի մենամարտին մարզադահլիճէն հետեւելու ցանկութիւն ունեցողները` անհամեմատ շատ: