Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան, տղոց եւ աղջկանց տիտղոսակիրները մնացին անփոփոխ:
Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Ժընուպ Թուլ, իսկ աղջկանց ախոյեան` Նատուա Քամաթիէ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները հանդիսացան փոխախոյեան, Ատապ ուալ Ռիատա Քֆարշիմա գրաւեց երրորդ դիրքը, մինչ չորրորդ հանդիսացաւ Մոն լա Սալ:
Տղոց պարագային, Լիբանանեան բանակը հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը.
1.- Ժընուպ Թուլ, 2.- Լիուա Սայտա, 3.- Լիբանանեան բանակ, 4.- Անդրանիկ Պէյրութ, 5.- Ղատիր Ժըպշիթ, 6.- Ահլի Սայտա, 7.- Պարաղեմ Նապաթիէ, 8.- Մոն լա Սալ, 9.- ՀՄԸՄ Պէյրութ, 10.- Անդրանիկ Անթիլիաս, 11.- Ռիատի Պէյրութ:
Բ. դասակարգի ախոյեան Շարթիէ Տար Նուր Տահըր Այն յառաջիկայ տարեշրջանին կը բարձրանայ Ա. դասակարգ` ըլլալով 12.- խումբը, մինչ Ֆետի Աքրաս, կը փոխադրուի Բ. դասակարգ` Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցած չըլլալուն համար:




