«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց երրորդ ճակատումը առաջինին դաշտին վրայ:
Ուորիըրզ 126-85 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 126-85 արդիւնքով կը գերազանցէ Ռոքեթցը:
Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սթեֆըն Քերի (35), մինչ Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն բաւականացաւ միայն 20 կէտով:
Նշենք, որ չորրորդ մրցումը պիտի կատարուի Ուորիըրզի դաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի արեւելեան շրջանի աւարտականին, իր կարգին Պոսթըն Սելթիքս 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Քաւալիրզը, որ չորրորդ մրցումը պիտի հիւրընկալէ իր դաշտին վրայ: