Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այնթրախտ Ֆրանքֆորթ Եւ Չելսի` Բաժակակիր

May 21, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիա

Այնթրախտ Ֆրանքֆորթ 5-րդ անգամ ըլլալով նուաճեց Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակը: Պերլինի Ողիմպիական դաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտականին Այնթրախտի մրցակիցն էր  Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ:

Մրցումին 11-րդ վայրկեանին Այնթրախտի մարզիկ Անտէ Ռեպիչ  նշանակեց իր առաջին կոլը: Ռոպերթ Լեւանտովսքի 53-րդ վայրկեանին հաւասարեցուց հաշիւը, որմէ ետք կը կարծուէր, թէ Պայերն Միւնիխ թեւեր պիտի առնէ, սակայն պատահեցաւ հակառակը. Անտէ Ռեպիչ 82-րդ վայրկեանին նշանակեց իր եւ Այնթրախտ Ֆրանքֆորթի երկրորդ կոլը, եւ տակաւին կար ժամանակ… աւելի ճիշդ ժամանակէն ալ ետք` 96-րդ վայրկեանին նշանակելու կոլ մը եւս, շնորհիւ Միյաթ Կառինովիչի, երբ Պայերնի բերդապահը բերդը ազատ ձգած յարձակումի նախաձեռնած էր մրցակիցին բերդին մօտ….:

Յատկանշական է, որ Այնթրախտ Ֆրանքֆորթի մարզիչը Նիքօ Քովաչ, յառաջիկայ եղանակին պիտի մարզէ… Պայերն Միւնիխը:

Անգլիա

Էտեն Հազարտի նշանակած փենալթին բաւարար եղաւ, որպէսզի Չելսի  յաղթելով Մանչեսթըր Եունայթըտի 7-րդ անգամ ըլլալով նուաճէ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակը: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ 20-րդ անգամ ըլլալով կը հասնէր աւարտականին, չկրցաւ հաւասարիլ բաժակը նուաճելու Արսենալի հաստատած մրցանիշին` 13: Իսկ մարզիչ Մորինիօ Անգլիոյ բաժակի աւարտականի իր առաջին պարտութիւնը կրեց:

Այս պարագային յատկանշական երկու երեւոյթ: Առաջինը` Չելսիի մարզիչ Ա. Քոնթէ, մրցումէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին խոստովանած էր, որ նոյնիսկ բաժակը շահիլը չի կրնար զինք փրկել Չելսիի մարզիչի պաշտօնէն արձակուելէն:

Երկրորդը` Չելսիի սեփականատէր Ռոման Ապրամովիչ չկրցաւ ներկայ  գտնուիլ այս մրցումին, քանի որ անոր բրիտանական այցեգիրը չէ երկարաձգուած: Ռուս գործարարին նախորդ այցեգիրը աւարտած է աւելի քան 3 շաբաթ առաջ, իսկ նորը անոր չեն տրամադրած: Նոր այցեգիրի տրամադրման պաշտօնական մերժում չէ եղած, պարզապէս բրիտանական իշխանութիւնները կը շարունակեն ուսումնասիրել փաստաթուղթերը: Կը հաղորդուէր, որ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները կրնան բռնագրաւել Ապրամովիչի ունեցուածքը` «Սքրիփալի գործ»-ին պատճառով:

Սպանիա

Ռէալ Բաւարարուեցաւ Երրորդ Դիրքով

Սպանիոյ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ  Ռէալ Մատրիտ հիւրն էր Վիարէալին: Բաւական լաւ սկսաւ հիւրասիրութիւնը. Ռէալ շնորհիւ Կ.Պէյլի (11-րդ վայրկեան) եւ Ք. Ռոնալտոյի (32) նշանակած կոլերուն, կ՛ուղղուէր դէպի յաղթանակ: Սակայն դաշտին տէրերը երկրորդ կիսախաղին նոյնքան հիւրասէր չեղան, եւ Ռոխէ Մարթինես (70), Սամուէլ Քասթիլիեխօ (85) իրենց նշանակած կոլերուն շնորհիւ պարտադրեցին Ռէալին, որ գոհանայ կէտով մը եւ ընդհանուր դասաւորման մէջ` երրորդ դիրքով:

Ֆրանսա

Մոնաքօ Եւ Լիոն «Չեմփիընզ Լիկ»-ի,
Մարսէյ` «Եուրոփա Լիկ»-ի Մէջ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 38-րդ հանգրուանին Լիոն 3- 2 արդիւնքով յաղթեց Նիսին, Մոնաքօ  յաղթեց Թրուայի (3-0), իսկ Մարսէյ` Ամիենի (21):

Մոնաքօ եւ Լիոն գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:

Երկու ակումբներն ալ յառաջիկայ տարի կը մասնակցին «Չեմփիընզ լիկ»-ին, իսկ Մարսէյ, որ գրաւեց 4-րդ դիրքը, կը մասնակցի «Եուրոփա լիկ»-ին:

 

 

Նախորդը

Կլոպ. «Սալահ Սքանչելի Մրցաշրջան Բոլորեց, Բայց Ռոնալտոն Այդպիսի 15 Հատ Ունեցած Է»

Յաջորդը

Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի «Նորուէյ Չես»-ին

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.