Լիվերփուլի մարզիչ Եուրկըն Կլոպ կը խորհի, որ միջնապահ Մ. Սալահ պէտք է շատ աշխատի, որպէսզի հասնի Ռէալի յառաջապահ Ք. Ռոնալտոյի մակարդակին:
«Մ. Սալահ սքանչելի մրցաշրջան բոլորեց, բայց Ռոնալտոն 15 այդպիսի մրցաշրջան ունեցած է: Ան շուրջ 47 հազար կոլ նշանակած է. խելահեղ ցուցանիշ է: Ինչո՞ւ մենք կը համեմատենք. Փելէի թագաւորութեան ժամանակ ոչ ոք միւս խաղացողները անոր հետ կը համեմատէր, չէր հարցներ` ան նոյնքան լա՞ւ է, որքան` Փելէն: Հիմա մենք ունինք Լ. Մեսսի եւ Ք. Ռոնալտօ, որոնք տարիներ շարունակ կը գերիշխեն ֆութպոլին մէջ: Մեսսի եւ Ռոնալտօ կրնան ճիշդ պահուն գտնուիլ ճիշդ դիրքին վրայ` կոլ նշանակելու համար: Ասիկա աշխարհի ամէնէն բարդ բանն է: Ահաւասիկ, թէ ինչու անոնք այնտեղ են, ուր ` հիմա կը գտնուին: «Ոսկի գնդակը» միշտ կը խաղցուի անոնց միջեւ, եւ ատիկա արդար է: Երբ Մեսսի եւ Ռոնալտօ դադրին ֆութպոլ խաղալէ, մենք զանոնք շատ պիտի կարօտնանք, ասիկա հաստատ է: Ես այդպիսի բաներ չեմ կրնար ըսել Սալահի մասին: Այստեղ հարցը անհատապէս լաւագոյնը ըլլալու մէջ չէ: Աւելի կարեւոր է ցուցադրել լաւագոյն ֆութպոլը, իսկ ատոր համար մնացեալ խաղացողները եւս անհրաժեշտ են», ըսած է Կլոպ:
Ռէալ Մատրիտ եւ Լիվըրփուլ պիտի մրցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 26 մայիսին Քիեւի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:45-ին: