Մակեդոնիոյ մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան ընթացքին մետալներու տիրացած հայ ըմբիշները երէկ վերադարձան Հայաստան:
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Թիֆլիսէն Երեւան ճամբուն վրայ զանոնք դիմաւորեց եւ շնորհաւորեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նոր նշանակուած նախարար Լեւոն Վահրադեան:
Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան ընթացքին հայ ըմբիշները տիրացան 3 մետալի:
Ռաֆայէլ Յարութիւնեան (45 քկ) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, Մանուէլ Խնձրցեան (51 քկ)` փոխախոյեան, մինչ Նարեկ Յարութիւնեան (65 քկ) տիրացաւ պրոնզ մետալին:



