Արհեստավարժ մենամարտի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներ Արամ Աւագեան եւ Նարեկ Աբգարեան յաղթանակներ նուաճեցին: Սպանիոյ Էլչէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մենամարտերուն Արամ Աւագեան 10 ռաունտէ ետք յաղթեց մեքսիքացի Էմանուել Լոփեսին եւ նուաճեց «Տապլիու. Պի. Սի. Ինթըրնեշընըլ Սիլվըր» գօտին:
Նարեկ Աբգարեանը մենամարտեցաւ Նիքարակուայի ներկայացուցիչ Փապլօ Նարուաէզի հետ եւ նոյնպէս յաղթեց: