Նախորդ շաբաթավերջին Քրասնոյարսքի Ենիսէյը ապահովեց Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր տոմսը:
Անժիի դէմ տեղի ունեցած փլէյ-օֆի դարձի մրցումին թէեւ Ենիսէյ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն բարձրացաւ բարձրագոյն դասակարգ` նկատի ունենալով, որ երթին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Ենիսէյին մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով: