Ծանրաբարձութիւն. Աննա Ամրոյեան` Պրոնզ Մետալակիր
19 տարեկան հայ ծանրաբարձ Աննա Ամրոյեան պրոնզէ մետալ նուաճեց 77 քկ կշիռի մրցումներուն, Եւրոպայի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան: Ամրոյեան արաշէի մրցումներուն 4-րդ դիրքը գրաւեց` 3 փորձերէն 1 յաջող մօտեցում կատարելով: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան աւելի ինքնավստահ բարձրացուցած էր 130 քկ` սահմանելով Հայաստանի երիտասարդներու մրցանիշ: Ֆինլանտացի մարզիկ Ճանեթ Իլիսոյնին 135 քկ բարձրացնելով շահեցաւ փոքր ոսկի մետալ էփոլէ ժըթէի մրցումներուն` արծաթէ...




















