Ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ կը շարունակէ փայլիլ Ռէալ Մատրիտի հետ. ան իր խումբը առաջնորդեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակի` Վալենսիայի դէմ:
«Լա լիկա»-ի 11-րդ հանգրուանի իր մրցումին, Ռէալ Մատրիտ կրնար շատ աւելի կոլեր նշանակել Վալենսիայի բերդին մէջ, բայց Վինիսիուս կորսնցուց իր փենալթին, որ ստոյգ առիթ մըն էր:
Էմպափէ (2) Պելինկհամ եւ Ալվարօ Քարերաս (գեղեցիկ հարուածով) նշանակեցին Ռէալ Մատրիտի կոլերը:
Վինիսիուսի մակարդակը զգալիօրէն վերջին տարիներուն նման բարձր չէ, բան մը, որ գոհ չի պահեր մարզիչ Չապի Ալոնսոն, որ միշտ ալ զինք կը փոխարինէ Ռոտրիկոյով: Վինիսիուս, որ նոր պայմաններով միայն կ՛ուզէ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնները, առաջին օրէն լաւ յարաբերութեան մէջ չէ մարզիչ Ալոնսոյի հետ, որ միշտ ալ բոլոր մարզիկներէն կը պահանջէ տալ իրենց լաւագոյնը թէ՛ պաշտպանութեան, թէ՛ ալ յարձակումի պահուն:


