Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերհամակարգիչը Եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Վճիռը

Նոյեմբեր 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումները կը շարունակուին այսօր եւ վաղը, մինչ գերհամակարգիչը այժմէն իսկ կռահած է, թէ ո՛վ պիտի շահի այս տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ը:

Նոյն գերհամակարգիչը անցեալ տարի տիտղոսակիր յայտարարած էր Ինթեր Միլանը, որ իբրեւ թէ աւարտականին պիտի յաղթէր Արսենալին: Ինթեր Միլան հասած էր աւարտականին, ուր 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրած էր Փարիզ Սեն Ժերմենէն:

Ըստ գերհամակարգիչին, անցեալ տարի Փարիզ Սեն Ժերմենը դուրս պիտի ձգէր Լիվըրփուլը, բայց այդպէս չպատահեցաւ: Ինթեր Միլան իրապէս դուրս ձգեց Պարսելոնան (ինչպէս կռահած էր գերհամակարգիչը), բայց մրցակիցը Փարիզ Սեն Ժերմենն էր եւ ոչ թէ Արսենալը:

Այս անգամ գէշ լուր կայ Պայերն Միւնիխի համար, որ իբրեւ թէ դուրս պիտի մնայ Պարսելոնայէն քառորդ աւարտականին, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմենին դուրս պիտի ձգէ նոյնինքն Պայերնը` 1/8-րդ հանգրուանին:

Աւարտականի պիտի հասնին Արսենալ եւ Պարսելոնա, ուր Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով պիտի յաղթէ… ըստ գերհամակարգիչին:

Կիսաւարտականին Արսենալ դուրս պիտի ձգէ Մանչեսթըր Սիթին (5-1 երկու մրցումներու արդիւնքով), իսկ Պարսելոնա` Ինթերը (2-1 արդիւնքով): Քառորդ աւարտականին Արսենալ (7-1 երկու մրցումներու արդիւնքով) դուրս պիտի ձգէ Եուվենթուսը, իսկ Մանչեսթըր Սիթին` Ռէալ Մատրիտը: Պարսելոնա դուրս պիտի ձգէ Պայերնը, իսկ Ինթեր` Լիվըրփուլը:

Ինչ կը վերաբերի լուրջ մրցումներուն, այսօր տեղի կ՛ունենան 4-րդ շաբթուան առաջին օրուան մրցումները, որոնց ընթացքին տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Պայերն Միւնիխը, իսկ Լիվըրփուլ` Ռէալ Մատրիտը, օրուան կարեւորագոյն մրցումներուն:

Իրականութեան մէջ ճիշդ է, որ Պայերն Միւնիխ այս տարեշրջանին գեղեցիկ ֆութպոլ կը կիրարկէ, բայց լուրջ մրցակիցի դէմ տակաւին մրցում չկատարեց, եւ այսօրուան մրցումը կրնայ լուրջ «փորձ» մը ըլլալ, թէ արդեօք անոնք իրապէս լա՞ւ են: 15 մրցումներէ ի վեր Պայերն իր վերջին պարտութիւնը կրած է անցեալ 5 յուլիսին, նոյնինքն Փարիզ Սեն Ժերմենէն, ակումբներու Մոնտիալին, ուր քառորդ աւարտականին Փարիզ յաղթած էր 2-0 արդիւնքով:

Լիվըրփուլի պատմական մարզիկներէն Չապի Ալոնսօ պիտի վերադառնայ «Էնֆիլտ»` այս անգամ իբրեւ մարզիչ, եւ պիտի գլխաւորէ իր ակումբը` Ռէալ Մատրիտը (որ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի):

Լիվըրփուլ պիտի յուսայ, որ Ասթոն Վիլայի դէմ յաղթանակը ըլլայ անկիւնադարձ` վերջին ձախող արդիւնքներուն:

Երկու խումբերը իրար դէմ մրցած են 12 անգամ, որոնց 3-ը` եւրոպական բաժակներու աւարտականին: Լիվըրփուլ այդ ճակատումներուն միայն 4-ին կրցած է յաղթել` հաւասարելով 1 մրցումի եւ պարտուելով 7-ին: Հակառակ այս արդիւնքներուն, Մատրիտ միայն երկու մրցում կրցած է յաղթել անգլիական ակումբներու դէմ:

Ստորեւ` այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Նափոլի – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ (ժամը 19:45-ին)
Սլաւիա Փրակա – Արսենալ (ժամը 19:45-ին)
Ժամը 22:00-ին, Աթլեթիքօ Մատրիտ – Սենթ Ժիլուազ
Պոտօ Կլիմթ – Մոնաքօ
Եուվենթուս – Սփորթինկ Լիզպոն
Լիվըրփուլ – Ռէալ Մատրիտ
Օլիմփիաքոս – ՓՍՎ Այնտհովըն
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայերն Միւնիխ
Թոթենհամ – Ֆ. Ք. Քոփենհակըն

ՎԱՂԸ
Ժամը 19:45-ին` Փաֆոս – Վիարէալ
Քարապաղ – Չելսի
Ժամը 22:00-ին` Այաքս Ամսթերտամ – Կալաթասարայ
Պենֆիքա – Պայեր Լեւերքուզըն
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Պարսելոնա
Ինթեր Միլան – Կայրաթ
Մանչեսթըր Սիթի – Տորթմունտ
Մարսէյ – Աթալանթա
Նիւքեսըլ – Աթլեթիքօ Պիլպաօ

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Թաունզի 5-րդ Տապըլ Տապըլը Եւ Շիքակոյի Առաջին Պարտութիւնը

Յաջորդը

Ռանոս 2 Կոլ Նշանակեց

RelatedPosts

Ճատրակ.  Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Հասան Գ. Հանգրուան
Մարզական

Ճատրակ. Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Հասան Գ. Հանգրուան

Նոյեմբեր 8, 2025
Ուասլ.  Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց

Նոյեմբեր 8, 2025
2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Հայաստանի Ազգային Խումբէն Լուրեր
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստանի Ազգային Խումբէն Լուրեր

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?