«Փրեմիեր լիկ»-ի 10-րդ հանգրուանին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պըրնլին` շնորհիւ Վիքթոր Եոքերեշի եւ Տեքլան Ռայսի կոլերուն, եւ անցեալ 31 օգոստոսէն ի վեր (Լիվըրփուլի դէմ 1-0) անյաղթ կը մնայ` 7 կէտով հեռանալով իր ամէնէն մօտ մրցակիցէն:
Լիվըրփուլ, լաւ սկսելէ ետք տարեշրջանը, 6 մրցումներ կորսնցուց (բոլոր մրցաշարքերուն), բայց շաբաթ օր աւելի լաւ վիճակի մէջ էր եւ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ասթոն Վիլային:
Վիլա ինք էր, որ վտանգաւոր յարձակումներով սկսաւ մրցումը եւ ցնցեց Լիվըրփուլի բերդին սիւնը (5-րդ վայրկեանին), բայց «կարմիրներ»-ը` հետզհետէ ինքզինք գտնելով սկսաւ վտանգել Ասթոն Վիլայի բերդը` 20-րդ վայրկեանէն ետք:
43-րդ վայրկեանին Ուկօ Էքիթիքէ գլխու հարուածով նշանակեց կոլ մը, որուն տօնակատարութիւնը կիսատ մնաց… օֆ-սայտի պատճառով:
46-րդ վայրկեանին Մոհամետ Սալահ օգտուեցաւ Արժանթինի ազգային խումբի բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեսի սխալ փոխանցումէն եւ գնդակը զետեղեց Ասթոն Վիլայի բերդին մէջ:
Այս կոլէն ետք Սալահ աւելի լաւ սկսաւ խաղալ, մանաւանդ որ անոր մակարդակը զգալիօրէն նահանջ արձանագրած էր, թերեւս խմբակից Տիոկօ Ժոթայի մահէն ետք, որ շատ ազդած էր իր վրայ:
58-րդ վայրկեանին Ալեքսիս Մաքալիսթըրի փոխանցումէն ետք, Ռայըն Կրավենպերխ նշանակեց Լիվըրփուլի 2-րդ կոլը, եւ Լիվըրփուլ «Փրեմիեր լիկ»-ի իր 6-րդ յաղթանակը արձանագրեց:
Այս տարեշրջանին շատ հետաքրքրական է «Փրեմիեր լիկ»-ը, մանաւանդ որ 2-րդ դիրքէն մինչեւ 11-րդ դիրքը 3 կէտեր կը բաժնեն խումբերը:


