Այսօր եւ վաղը Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն գծով հետաքրքրական մրցումներ տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ:
Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ 10-րդ հանգրուանի Թոթենհամ-Չելսի մրցումը, ուր Թոթենհամ պիտի փորձէ հազուադէպ յաղթանակ մը արձանագրել: Հազուադէպ, որովհետեւ երկու խումբերուն վերջին 13 ճակատումներուն Թոթենհամ միայն 1 յաղթանակ կրցած էր արձանագրել:
Նոր տարեշրջանին նոր մարզիչով սկսելէ ետք, Թոթենհամի համար բան փոխուած չէ, եւ վիրաւորներն ալ կը մնան մեծաթիւ: Հաւանական է, որ հիմնական կազմէն 10 մարզիկներ բացակային Չելսիի դէմ: Չելսի շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ «Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակի մրցումին հանգիստի առիթ տուաւ իր կարեւոր մարզիկներուն` աւելի պատրաստ ըլլալու այս տերպիին:
«Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման Բ. դիրքը գրաւող Պորնմաութ դժուար մրցում մը ունի Մանչեսթըր Սիթիի դաշտին վրայ: Պորնմաութ իր առաջին մրցումին 4-2 արդիւնքով պարտուելէ ետք Լիվըրփուլէն, անյաղթ կը մնայ 8 մրցումներէ ի վեր, մինչ Մանչեսթըր Սիթի շատ լաւ վիճակի մէջ չէ, մանաւանդ որ խումբը չափազանց վստահած է Էրլինկ Հաալանտի, որ եթէ չնշանակէ, Սիթի կրնայ պարտուիլ:
Առաջին դիրքը գրաւող Արսենալ պիտի մրցի Պըրնլիի դաշտին վրայ, մինչ Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Ասթոն Վիլան:
Նոթինկհամ Ֆորեսթ «Փրեմիեր լիկ»-ի բացման օրը յաղթելէ ետք, չկրցաւ որեւէ յաղթանակ արձանագրել, եւ չյաղթելու այդ շարքը կրնայ շարունակել այսօր, մանաւանդ որ անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ վերջերս ինքզինք գտած Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Ստորեւ` «Փրեմիեր լիկ»-ի 10-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Պրայթըն – Լիծ
Պըրնլի – Արսենալ
Քրիսթըլ Փելես – Պրենթֆորտ
Ֆուլհամ – Վուլվզ
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Թոթենհամ – Չելսի
Լիվըրփուլ – Ասթոն Վիլա
ՎԱՂԸ
Ուեսթ Համ – Նիւքեսըլ
Մանչեսթըր Սիթի – Պորնմաութ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Սանտըրլենտ – Էվըրթըն
Գերմանիոյ մէջ, «Պունտըսլիկա»-ն վերջին երկու տարիներու ախոյեանները պիտի մրցին իրար դէմ, ուր Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Պայեր Լեւերքուզընը:
2 տարի առաջ Պայեր Լեւերքուզըն տարբեր խումբ էր` տարբեր մարզիչով, բայց կը մնայ Պայերն Միւնիխի ամէնէն լուրջ մրցակիցներէն մէկը:
2024-էն ի վեր խումբերը 6 անգամ մրցած են իրար դէմ, ուր խումբերը երկուքական յաղթանակ ունին եւ հաւասարած 2 անգամ: Վերջին երկու ճակատումներուն յաղթական Պայերն Միւնիխ պիտի փորձէ կանուխ ճնշելով աւելի հանգիստ խաղալ Բ. կիսախաղին, մանաւանդ որ 3 օր ետք պիտի մրցի Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանին գծով:
Այլ հետաքրքրական մրցում մը կրնայ ըլլալ Բ. դիրքը գրաւող Լայփցիկի եւ Գ. դիրքը գրաւող Շթութկարթի միջեւ:
Ստորեւ` 9-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Մայնց – Վերտըր Պրեմըն
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Շթութկարթ
Ունիոն Պերլին – Ֆրայպուրկ
Զանքթ Փասլի – Մէօնշընկլատպախ
Հայտընհայմ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Պայերն Միւնիխ – Պայեր Լեւերքուզըն
ՎԱՂԸ
Ֆ. Ք. Քէօլն – Համպուրկ Ս. Վ.
Վոլֆսպուրկ – Հոֆենհայմ
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 10-րդ հանգրուանին, դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբը` Նափոլի, պիտի հիւրընկալէ 5-րդ դիրքը գրաւող Քոմոն: Շաբթուան ամէնէն «տաք» մրցումը կրնայ ըլլալ Ա. Սէ. Միլան – Ա. Էս. Ռոմա ճակատումը:
Ստորեւ` 10-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Ուտինեզէ – Աթալանթա
Նափոլի – Քոմօ
Քրեմոնեզէ – Եուվենթուս
ՎԱՂԸ
Վերոնա – Ինթեր Միլան
Ֆիորենթինա – Լեչէ
Թորինօ – Փիզա
Փարմա – Պոլոնիա
Ա. Սէ. Միլան – Ա. Էս. Ռոմա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Սասուոլօ – Ճենովա
Լացիօ Ռոմա – Քալիարի
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Վալենսիան, մինչ Բ. դիրքը գրաւող Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Էլչէն:
Ստորեւ` 11-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Վիարէալ – Ռայօ Վայեքանօ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Սեւիլա
Ռէալ Սոսիետատ – Աթլեթիք Պիլպաօ
Ռէալ Մատրիտ – Վալենսիա
ՎԱՂԸ
Լեվանթէ – Սելթա Վիկօ
Ալավես – Էսփանիոլ
Պարսելոնա – Էլչէ
Պեթիս – Մայորքա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Օվիետօ – Օսասունա
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 11-րդ հանգրուանին, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ քանի մը օր առաջ կարեւոր կէտեր կորսնցուց Լորիանի դէմ մրցումին, պիտի հիւրընկալէ Նիսը, որ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:
Բ. դիրքը գրաւող Մոնաքօ պիտի մրցի մայրաքաղաքի միւս ակումբին` Փարիզ Ֆ. Ք.-ի` դէմ, մինչ Մարսէյ պիտի մրցի Օքսեռի դաշտին վրայ:
Ստորեւ` յայտագիրը.
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Նիս
Մոնաքօ – Փարիզ Ֆ. Ք.
Օքսեռ – Մարսէյ
ՎԱՂԸ
Ռենն – Սթրազպուրկ
Թուլուզ – Լը Հաւր
Լիլ – Անժէ
Լանս – Լորիան
Նանթ – Մեձ


