21 տարեկան հայ բռնցքամարտիկ Էրիք Իսրայէլեան կը շարունակէ իր յաղթական ելոյթներու շարքը` արհեստավարժ ռինկի վրայ: Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցած իր վերջին մրցումին, Էրիք Իսրայէլեան յաղթեց 25 տարեկան Տիլըն Շրետերին, որ իր նախկին 6 մրցումներէն 4-ը նաք-աութով յաղթած էր:
Մրցումը վճռուեցաւ կէտերու արդիւնքով (40-36, 39-37 եւ 37-39): Անյաղթ Շրետերի դէմ մենամարտը լարուած եւ հաւասարակշռուած էր, սակայն Իսրայէլեան յաջողեցաւ պարտադրել իր ոճը եւ յաղթել 4 ռաունտերու արդիւնքով:
Ասիկա Էրիք Իսրայէլեանի յաջորդական 3-րդ յաղթանակն էր արհեստավարժ բռնցքամարտի գծով:
Յաղթական բոլոր մրցումներն ալ տեղի ունեցան 2025-ին` Մոնրէալի մէջ:
Աւելի կանուխ ան մաս կը կազմէր Հայաստանի հաւաքականին ոչ արհեստավարժ մակարդակի վրայ, իսկ այժմ ան վստահօրէն կը շարունակէ իր ասպարէզը իբրեւ արհեստավարժ:
Անոր յաջորդ մենամարտը նախատեսուած է 13 նոյեմբերին, ուր ան հաւանաբար մրցի չիլիցի Մարիօ Էսփարսիայի դէմ` Մոնրէալի մէջ:


