Հայաստանի ճիւտոյի մարտիկ Վահէ Աղասեան (60 քկ) դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդներու (մինչեւ 23 տարեկան) ախոյեան, Քիշինեւի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Աղասեան ախոյեան դարձաւ հինգ տպաւորիչ յաղթանակներու շնորհիւ` դուրս ձգելէ ետք Պուլկարիոյ, Սպանիոյ, Մոլտովայի եւ Պելճիքայի ներկայացուցիչները: Ան աւարտականին պարտութեան մատնեց նաեւ Վրաստանի Մաթէ Կոկոպերիշվիլին:
Այս մետալը հայկական ճիւտոյի պատմութեան երկրորդ ոսկի մետալն է երիտասարդներու ախոյեանութեան: Առաջին անգամ 2003-ին Արմէն Նազարեան նախապէս շահած էր իր առաջին ոսկի մետալը:
Հայկական ճիւտոն 2018-էն ետք որեւէ տարիքային Եւրոպայի ախոյեանութեան չէր կրցած շահիլ ոսկի մետալ: Այդ տարին (2018) Ֆերտինանտ Կարապետեան դարձած էր Եւրոպայի մեծերու ախոյեան:
Վահէ Աղասեանի այս յաղթանակը պատմական նուաճում է հայկական ճիւտոյին համար` ապացուցերով նոր սերունդի աճն ու ուժը:
Սերպիան ներկայացնող հայ մարտիկ Սօս Խաչատրեան, որ ծնունդով ախալքալաքցի է, հանդէս եկաւ 73 քկ կշիռքի մրցումներուն եւ յաղթանակներ տարաւ Մոլտովայի, Լաթվիոյ եւ Իտալիոյ ներկայացուցիչներուն դէմ: Պրոնզէ մետալի մրցումին ան յաղթեց Հունգարիոյ ներկայացուցիչին:
Վճռական ճակատումը վերջ գտաւ, երբ հայ մարտիկը վերջին երկվայրկեանին վաստկեցաւ յաղթական կէտը` ապահովելով իր դիրքը պատուոյ հարթակին վրայ:


