Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս, որ ժամանակաւորապէս դուրս մնացած է Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի հիմնական կազմէն, կը շարունակէ ապացուցիչ իր մարզական լաւ վիճակը երիտասարդներու կազմէն, որ կը մասնակցի Գերմանիոյ արեւմտեան նահանգի ախոյեանութեան (4-րդ դասակարգ):
14-րդ հանգրուանի իր մրցումին, Մէօնշընկլատպախ 23 տարեկանէն վար խումբը 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոխումը, ուր Հրանդ-Լէոն 2 կոլ նշանակեց` կատարելով մէկ էսիսթ:
Իր երկրորդ մրցումին` 23 տարեկանէն վար խումբին հետ, Ռանոս 2 կոլ նշանակած է եւ 2 էսիսթ ձեռք ձգած է Դ. դասակարգին մէջ, մինչ Ա. դասակարգի խումբին հետ ան 5 ելոյթ կատարած է` նշանակելով կոլ մը:


