«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Պոսթըն Սելթիքս անգամ մը եւս պարտուեցաւ: Ասիկա իր 4-րդ պարտութիւնն էր 7 մրցումներու ընթացքին` 128-101 արդիւնքով, Հիուսթըն Ռոքեթցէն:
Քեւըն Տիւրենթ 26 կէտ նշանակեց, մինչ Ալփերեն Շենկիւն աւելցուց 16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ի նպաստ Հիուսթընի: Ճէյլըն Պրաուն միայն 12 կէտ նշանակեց, մինչ Փէյթըն Փրիչըրտ 14 կէտ եւ Պէյլըր Շիրմեն 17 կէտ աւելցուցին ի նպաստ Սելթիքսի:
Միլուոքի Պաքս իր 2-րդ պարտութիւնը կրեց` 135-133 արդիւնքով պարտուելով Սաքրամենթօ Քինկզէն, որ իր 2-րդ յաղթանակը արձանագրեց:
Եաննիս Անթեթոքումփօ 26 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ Քայլ Քուզմա 22 կէտ աւելցուց ի նպաստ Միլուոքիի, մինչ Սաքրամենթոյէն 4 մարզիկներ 20 կէտերէ աւելի նշանակեցին: Զաք Լավին (31 կէտ), Տենիս Շրոտըր (24 կէտ), Տըմար Տըրոզըն (29 կէտ) եւ Տոմանթաս Սապոնիս (24 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եղան Քինկզի լաւագոյնները:
Մինեսոթա 122-105 արդիւնքով յաղթեց Չարլոթ Հորնեթցին, ուր Ճուլիըս Ռենտըլ 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 109-114 արդիւնքով պարտուեցաւ Ինտիանա Փէյսըրզէն: Սթեֆ Քըրրի 24 կէտ նշանակեց, բայց Ինտիանայէն Արոն Նեսմիթ (31 կէտ), Փասքալ Սիաքամ (27 կէտ) եւ Քուենթըն Ճեքսըն (25 կէտ) աւելի արդիւնաւէտ էին Փէյսըրզի կազմէն:
Օրլանտօ Մեճիք 125-94 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը, ուր Փաուլօ Պանչերօ (28 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Ֆրանց Վակնըր (25 կէտ) փայլեցան Օրլանտոյի հետ:
Տալաս Մեւրիքս 2 յաղթանակներէ ետք կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը Քայրի Ըրվինկի եւ Անթոնի Տէյվիսի բացակայութեան, 122-110 արդիւնքով` Տիթրոյիթ Փիսթընզէն:
Տիթրոյիթի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճէյլըն Տիւրըն (33 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Քէյտ Քանինկհեմ (21 կէտ եւ 18 էսիսթ): Տ՛անճելօ Ռասըլ 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, բայց բաւարար չէր Տալասի համար:


