Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Թաունզի 5-րդ Տապըլ Տապըլը Եւ Շիքակոյի Առաջին Պարտութիւնը

November 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին անգամ Մայքըլ Ճորտընի օրերուն Շիքակօ Պուլզ 1996-1997 տարեշրջանին «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր առաջին 6 մրցումները յաղթանակներով սկսած էր: Երէկ ատիկա չկրկնուեցաւ, երբ Շիքակօ իր 6-րդ մրցումին պարտութիւն կրեց Նիւ Եորքի մէջ` 128-116 արդիւնքով պարտուելէ ետք տեղւոյն Նիքսէն:

Ճէյլըն Պրանսըն 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, որ 2 մրցում յաղթելէ ետք 3 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր: Քարլ-Անթոնի Թաունզ 20 կէտ եւ 15 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Նիքսի` ձեռք ձգելով իր 5-րդ տապըլ-տապըլը:

Ճոշ Կիտի 23 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Պուլզի, մինչ Նիքոլա Վուչեւիչ 17 կէտ նշանակեց եւ 14 ռիպաունտ կատարեց: Շիքակօ Պուլզ այս մրցումէն առաջ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն պաշտպանող խումբն էր, մանաւանդ արգիլելով 3 կէտնոց կողովներ, բայց այս մրցումին անոնք չդիմացան Նիւ Եորքի 3 կէտերուն:

Նիւ Եորք 20 յաջող 3 կէտնոց կողովներ ձեռք ձգեց (42 փորձերէն), ուր Պրանսըն (4 անգամ), Անունոպի (3 անգամ), Շամեթ (3 անգամ) եւ Ճորտըն Քլարքսըն (3 անգամ) հեռուէն անսխալ էին: Թաունզ, Միքալ Պրիճզ եւ Մայլզ Մաքպրայտ երկուքական 3 կէտնոց կողովներ ալ աւելցուցին:

Այժմ Արեւելեան շրջանին մէջ անյաղթ խումբ չմնաց, Արեւմտեան շրջանի միակ անյաղթ խումբը կը մնայ ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը:

Թանտըրի վերջին «զոհ»-ն էր Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ, որ 137-106 արդիւնքով պարտութիւն կրեց: Փելիքընզ իր 6 մրցումներն ալ պարտուած է, եւ Զայըն Ուիլիամսըն առանձին կը փայլի: Ուիլիամսըն 20 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` օր մը առաջ 29 կէտ նշանակելէ ետք Քլիփըրզի դէմ:

Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, որ այսօր պիտի մրցի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ:

Լուքա Տոնչիչ վերադարձաւ, եւ Լէյքըրզ 130-120 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մայեմի Հիթը:

Տոնչիչ թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 29 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ, մինչ Մայեմիի լաւագոյն մարզիկն էր Խայմէ Խաքես, որ 31 կէտ նշանակեց:

Ֆինիքս Սանզ տարեշրջանի իր 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց (7 մրցումներու ընթացքին)` առաջին անգամ ըլլալով պարտութեան մատնելով Սան Անթոնիօ Սփըրզը (130-118):

Տեւըն Պուքըր 28 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Սթեֆըն Քեսըլ եղաւ Սփըրզի լաւագոյնը: Վիքթոր Ուեմպանեամա միայն 9 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, եւ Սփըրզ իր 6-րդ մրցումին կրեց իր առաջին պարտութիւնը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պրուքլին Նեթց 129-105
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 106-137
Եութա Ճեզ – Չարլոթ Հորնեթց 103-126
Աթլանթա Հոքս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 109-117
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 104-117
Շիքակօ Պուլզ – Նիւ Եորք Նիքս 116-128
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆինիքս Սանզ 118-130
Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 120-130

Նախորդը

«Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» Հատորի Ներկայացում Եւ Գինեձօն

Յաջորդը

Գերհամակարգիչը Եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Վճիռը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.