Այս տարեշրջանին Պայերն Միւնիխ սկսաւ յաղթանակներու շարքով մը, որ այժմ հասած է 15 մրցումներու: «Պունտըսլիկա»-ի իր վերջին մրցումին, շաբաթ օր Պայերն Միւնիխ մօտ 6 պահեստի մարզիկներով ներկայացաւ Պայեր Լեւերքուզընի դէմ մրցումին, եւ առաջին կիսախաղին իսկ 3-0 արդիւնքով յառաջացաւ: Բ. կիսախաղի կէսերուն խումբին հիմնական մարզիկներէն Հերի Քէյն, Լուիս Տիաս, Մայքըլ Օլիսէ եւ Ալեքսանտր Փաւլովիչ դաշտ ներկայացան, բայց զգալի էր, որ Պայերն իր ուժերը կը պահէ յաջորդ մրցումին (վաղը)` Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ, «Չեմփիընզ լիկ»-ին:
Սերժ Կնապրի, Նիքոլաս Ճեքսըն եւ Լոյք Պատէ (սխալմամբ իր մերդին մէջ) նշանակեցին Պայերնի երեք կոլերը, մրցումի մը, որ Պայերնի համար շատ դիւրին էր, մանաւանդ առաջին կիսախաղին, ուր նոյնիսկ պահեստի մարզիկները շատ «սահուն» ֆութպոլ ցուցադրեցին` բազմիցս առիթներ ստեղծելով: Թոմ Պիշոֆ, որ միջնապահ է, լաւ ելոյթ ունեցաւ ձախ պաշտպանի դիրքի վրայ եւ Կնապրի կոլին փոխանցումը կատարեց, մինչ 17 տարեկան Լենարտ Քարլ քանի մը անգամ քանի մը մրցակից խաբելէ ետք հարուածեց, բայց անոր հարուածները կա՛մ մրցակից բերդապահ Ֆլեքին զսպեց, կա՛մ ալ անցաւ բերդին մօտէն:
Նիքոլաս Ճեքսըն կոլ մը եւս նշանակեց, բայց օֆ-սայտի դիրքի վրայ կը գտնուէր եւ նկատի չառնուեցաւ:
Բ. դիրքի վրայ գտնուող Ռետ Պուլ Լայփցիկ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց երրորդ դիրքը գրաւող Շթութկարթը, որ նահանջեց 4-րդ դիրք, իր դիրքը զիջելով Տորթմունտին, որ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Աուկզպուրկի դաշտէն:


