Եւրոպական Ֆութպոլ. Ինթեր Յաղթեց, Փարիզ Սեն Ժերմեն Հաւասարեցաւ. Պայերն Յաղթեց, Լիվըրփուլ Եւ Թոթենհամ Դուրս Մնացին
Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցան ախոյեանութեան մրցումներ, մինչ Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցան բաժակի մրցումներ: Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 9րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթէր Միլան շաբաթավերջին ծանր պարտութիւն կրելէ ետք Նափոլիէն (3-1) ինքզինք վերագտաւ եւ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆիորենթինային: Չալհանօղլու (2) եւ Փեթար Սուչիչ նշանակեցին Ինթերի կոլերը: Մրցումէն կը բացակայէր Հենրիխ Մխիթարեան` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Եուվենթուս 13 սեպտեմբերէն ի վեր...




















