39 տարի առաջ Ռոպերթօ Սեխաս ճամբորդեց Մեքսիքա` «Ազթեքա մարզադաշտ» դիտելու 1986-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումը իր հայրենիքի` Արժանթինի ազգային խումբին եւ Գերմանիոյ միջեւ: Դաշտ մտնելէ ետք ան քանի մը մեքսիքացիներու յաւելեալ գումար նուիրած էր` դաշտին մօտ նստելու:
Մրցումի աւարտէն ետք, ան ձեւով մը դաշտ մտած էր: Ան պարզապէս յիշատակելի բան մը կ՛ուզէր ունենալ, բայց խոտին վրայ վազելու պահուն դէմ յանդիման եկաւ Տիեկօ Մարատոնայի հետ, որ սկսած էր տօնելու: Մարատոնա տեսնելէ ետք բարձրահասակ Ռոպերթոն անկէ պահանջեց ուսերուն վրայ նստիլ:
Ռոպերթօ անշուշտ չմերժեց եւ ամբողջ դաշտը դարձաւ Տիեկոն ուսերուն բարձրացած:
Ռոպերթօ Մարատոնայէն խնդրեց ունենալ ֆութպոլի կօշիկները, սակայն Մարատոնա մերժեց` ըսելով, որ անոնք պիտի յանձնէր իր մօրը:
Օր մը ետք, Ռոպերթօ Սեխաս բոլոր թերթերուն առաջին էջին վրայ էր աշխարհի չորս ծագերուն: Անոր վայրկեանները (Մարատոնան ուսերուն բարձրացուցած) իր կեանքի ամէնէն արժէքաւոր վայրկեաններն էին:
Սեխաս 2 օր առաջ մահացաւ 68 տարեկան հասակին, բայց անոր յիշատակը յաւերժ պիտի մնայ Տիեկօ Մարատոնան բարձրացուցած ուսերուն պատմական լուսանկարին միջոցով:


