Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ յետմիջօրէին նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի:
Հալապիի կ՛ընկերակցէին նաեւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ, անդամներ Ճորճ Սապունճեան եւ Ղազի Պուսթանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի 15 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբը, որ նախորդ շաբաթ հանդիսացած էր Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեան:
Այցելուները իրենց ձեռք ձգած բաժակը նուիրեցին նախարար Ֆընէյշին, որ շնորհաւորելով ազգային խումբին մարզիկները, յայտնեց, որ պէտք է զօրավիգ կանգնիլ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին` միշտ ըլլալով անոր կողքին:
PROFOTO